ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՇՐՋՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ 2016

Համազգայինի գրատարածի 2016 տարեշրջանի միջդպրոցական ցուցհանդէսը ընթացք առաւ հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2016-ին։ Համազգայինի գրատարածը այցելեց Վ․Թէքէեան վարժարան, եւ ամբողջ օրուան ընթացքին աշակերտները ծանօթացան Համազգայինի մանկապատանեկան գիրքերուն եւ կատարեցին գնումներ։ Այս առիթով «Հրակը» գիրքի հեղինակ՝ Յասմիկ Պոյմուշաքեան, Power Point-ով ներկայացուց Համազգայինի հրատարակութիւնը եղող այս նոր գիրքը, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն ծանօթացուց Համազգայինի մանկապատանեկան այլ հրատարակութիւնները։ Յայտնենք, որ…

ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի կազմակերպած մանկական գիրքի պատրաստութեան մրցանքի բնոյթին եւ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար, ուրբաթ, 8 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանքի մասնակցութեան դիմում կատարած աշակերտներու հաւաք – նախապատրաստական հանդիպում մը։ Յայտնենք, որ լիբանանահայ 13 վարժարաններէ 70 միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ կը մասնակցին այս մրցանքին։ Հաւաքին ներկայ…