Համազգայինի գրատարածի 2016 տարեշրջանի միջդպրոցական ցուցհանդէսը ընթացք առաւ հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2016-ին։

Համազգայինի գրատարածը այցելեց Վ․Թէքէեան վարժարան, եւ ամբողջ օրուան ընթացքին աշակերտները ծանօթացան Համազգայինի մանկապատանեկան գիրքերուն եւ կատարեցին գնումներ։

Այս առիթով «Հրակը» գիրքի հեղինակ՝ Յասմիկ Պոյմուշաքեան, Power Point-ով ներկայացուց Համազգայինի հրատարակութիւնը եղող այս նոր գիրքը, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն ծանօթացուց Համազգայինի մանկապատանեկան այլ հրատարակութիւնները։

Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբաթներուն շրջուն ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի այլ վարժարաններու մէջ։