Չորեքշաբթի, 5 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բողբոջ դասարանի նոր դասագիրքի ընդհանուր ծրարի ներկայացման հանդիպում։

Հանդիպումին ներկայ էին լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, մանկապարտիզպանուհիներ եւ ուսուցիչները։ Պատրաստող խումբը մանրամասնօրէն ներկայացուց ընդհանուր աշխատանքը։

Աւարտին իւրաքանչիւր վարժարանի տրամադրուեցաւ ծրարէն օրինակ մը։