Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի կազմակերպած մանկական գիրքի պատրաստութեան մրցանքի բնոյթին եւ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար, ուրբաթ, 8 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանքի մասնակցութեան դիմում կատարած աշակերտներու հաւաք – նախապատրաստական հանդիպում մը։

Յայտնենք, որ լիբանանահայ 13 վարժարաններէ 70 միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ կը մասնակցին այս մրցանքին։ Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ ուսուցիչներ։

Նախ եւ առաջ, հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան անհրաժեշտ գործնական բացատրութիւնները տուաւ մրցանքին մասին՝ մաղթելով, որ դատական կազմին գնահատանքին կ՛արժանանան ոչ թէ երկու, ինչպէս յատարարուած է հաղորդագրութեան մէջ, այլ երկուքէն աւելի թիւով աշակերտներ եւ մենք կ՛ունենանք սփիւռքի մէջ մանկական գրականութիւնը հարստացնող պատանի հեղինակներ։ Ապա հրաւիրեց Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեանը, որպէսզի գիրքի պատրատութեան աշխատանքին համար պէտք եղած ուղղութիւնները եւ սկզբունքները փոխանցէ։

Խիւտավերտեան անդրադարձաւ հիմնական գործօններու՝ թեմա, լեզու, հերոս, հետաքրքրաշարժ դէպքեր, շարժում, երեւակայութիւն, եւ այլ տուեալներու, որոնք մանուկին մօտ կը ստեղծեն լայն հետաքրքրութիւն եւ գիրքը կը դարձնեն գրաւիչ։
Աւարտին Խիւտավերտեան պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն։