Չորս Աշակերտներ Դարձան Գիրքի Հեղինակներ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, երէկ, ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 6:30¬ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» ծրագիրի 2016-2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` մասնակցութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական…

Համազգայինի գրատարածի միջդպրոցական շրջուն ցուցհանդէս – 2

Համազգայինի գրատարածը այս տարեշրջանի միջդպրոցական շրջուն ցուցհանդէսի ծիրէն ներս այցելեց Հայ Աւետ․ Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը եւ Համազգայինի Մ․ եւ Հ․Արսլանեան ճեմարանը։ Ամբողջ օրուան մը ընթացքին աշակերտները ծանօթացան Համազգայինի մանկապատանեկան գիրքերուն եւ կատարեցին գնումներ։

Համազգայինի գրատարածի միջդպրոցական շրջուն ցուցհանդէս

Համազգայինի գրատարածի այս տարեշրջանի միջդպրոցական շրջուն ցուցհանդէսը ընթացք առաւ մարտ 2017-ին։ Համազգայինի գրատարածը այցելեց Հայ կթղ․Ս Ագնէս եւ Հայ աւետ․կեդրոնական բարձր․ վարժարանները։ Ամբողջ օրուան մը ընթացքին աշակերտները ծանօթացան Համազգայինի մանկապատանեկան գիրքերուն եւ կատարեցին գնումներ։ Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբաթներուն շրջուն ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի բոլոր վարժարաններու մէջ։

Հանդիպում` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածի 85-Ամեակին Առիթով

Նոր տարուան առիթով աւանդութիւն դարձած եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի 85¬ամեակին առիթով երէկ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, ներկայութեամբ` երեք յարանուանութեանց պետերուն, Համազգայինի հրատարակչատան խնամակալ մարմինին, հրատարակչական յանձնախումբին, ցուցասրահի յանձնախումբին եւ Համազգայինի Կեդրոնական ու Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահին կողքին գործող բարերարներու: Այս առիթով…