Համազգայինի գրատարածը այս տարեշրջանի միջդպրոցական շրջուն ցուցհանդէսի ծիրէն ներս այցելեց Հայ Աւետ․ Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը եւ Համազգայինի Մ․ եւ Հ․Արսլանեան ճեմարանը։ Ամբողջ օրուան մը ընթացքին աշակերտները ծանօթացան Համազգայինի մանկապատանեկան գիրքերուն եւ կատարեցին գնումներ։