Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատունը Ստացաւ «Մայրենիի Պաշտպան» Մրցանակ

17 հոկտեմբեր 2016-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «հայապահպանման գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական 2015 թուականի մրցանակաբաշխութիւնը: Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան հետ համագործակցաբար կազմակերպուած այս մրցանքին, ի շարս կրթական հաստատութիւններու եւ անհատ մտաւորականներու, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը նաեւ ստացաւ մրցանակ: Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնութեան կողմէ մրցանակը ստանձնեց Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի…