«ՍԵՄԵՐ», «ՏԱՐՄ» ԵՒ «ԿՐԿՆԱԳԻՐ ՄԱՐԴԸ» ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ, ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, 9 հոկտեմբեր 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս սփիւռքահայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի երեք գիրքերուն` «Սեմեր», «Տարմ» եւ «Կրկնագիր մարդը», որոնք լոյս տեսած են Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն: Գրական ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Շաղիկ Մկրտիչեան: Ան իր խօսքէն ետք առիթ տուաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ…