Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, 9 հոկտեմբեր 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս սփիւռքահայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի երեք գիրքերուն` «Սեմեր», «Տարմ» եւ «Կրկնագիր մարդը», որոնք լոյս տեսած են Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն: Գրական ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Շաղիկ Մկրտիչեան: Ան իր խօսքէն ետք առիթ տուաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, որ ուղղէ իր խօսքը շնորհահանդէսին առիթով: Անկէ ետք Շաղիկ Մկրտիչեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Գրիգոր Պըլտեանի «Տարմ» եւ «Սեմեր» գիրքերը, ապա օրուան բանախօս Յարութիւն Քիւրքճեան ներկայացուց հեղինակին «Կրկնագիր մարդը» գործը:
Աւարտին խօսք առաւ հեղինակը, որ նշեց, թէ գրագէտը կ’ապրի գիրքին մէջ, այնքան ատեն որ կը գրէ, իսկ երբ աւարտէ ու հրատարակէ զայն, կ’անդրադառնայ, որ գիրքը իրեն չի պատկանիր, գիրքը զինք դուրս նետած է: