Գիրքի Պատրաստութեան Մրցանակաբաշխութիւն Եւ Գիրքի Շնորհահանդէս (2014)

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ. եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի, երէկ` ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնն ու գիրքի շնորհահանդէսը: Յայտնենք, որ գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտին: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան:…