Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ. եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի, երէկ` ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնն ու գիրքի շնորհահանդէսը: Յայտնենք, որ գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտին:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան:

Ան յայտնեց, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած միջդպրոցական մրցանքին մասնակցող լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս հրատարակութիւնը կը համախմբէ 21 խորագիրներ, որոնց ընդմէջէն մեր աշակերտութիւնը կը շօշափէ Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած նիւթեր: Կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ տարածքներէն գիւղեր, քաղաքներ: Կը նկարագրէ հայ ժողովուրդի կենցաղային իւրայատկութիւններն ու աւանդները: Կը բացատրէ, թէ առօրեային մէջ ինչպէ՛ս կը դրսեւորուի մեր ազգային պատկանելիութիւնը եւ մեր ժողովուրդի ապագայ երթին նկատմամբ աշակերտներու ցուցաբերած հաւատքը: Կը պատասխանէ այն հարցումին, թէ հայկական ինքնութեան պահպանումը որքանո՛վ հիմք կը ծառայէ մեր ազգային պահանջատիրական երթին: Հայ աշակերտը կը ներկայացնէ իր հարցերն ու տագնապները, ինչպէս նաեւ հայկական արժէքներու նկատմամբ իր ունեցած հետաքրքրութիւններն ու տածած յարգանքը:

Ապա խօսք առաւ «Սարգիս Խաչենց-պրինտ ինֆօ» հրատարակչատան տնօրէն Արամ Մեհրապեան, որ նշեց, թէ 20-րդ դարու կիսուն ի յայտ եկաւ դրամագլուխ բառը եւ արուեստագէտներ այդ դրամագլուխը նկատեցին ստեղծագործութիւնը` աւելցնելով, որ եթէ մենք այս տագնապալի պայմաններուն մէջ գիրքի ստեղծման աշխատանք կը տանինք, ասիկա կը նշանակէ, թէ մենք ողջ եւ հարուստ ազգ ենք: Իսկ խօսելով մրցանակաբաշխութեան մասին` ան յայտնեց, որ բոլորն ալ յաղթական են, կազմակերպիչ, հիւր թէ մասնակից, կարեւորը մենք գործը կատարած ենք եւ յաղթած:

«Բուքինիստ» գրահրատարակչատան տնօրէն Խաչիկ Վարդանեան, որ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Լիբանան, իր զարմանքն ու հիացմունքը արտայայտեց լիբանանահայութեան` հայեցի դաստիարակութեան համար տարած աշխատանքին նկատմամբ:

Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին, աշխարհով մէկ սփռուած մեր պապերը իրենց գոյութեամբ եւ աշխատանքով յաղթական դուրս եկան աշխարհի դիմաց, եւ մենք հպարտ պէտք է ըլլանք իրենց ներդրումներով:

Իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ան հաստատեց, որ իրենք պիտի ըլլան ապագային ղեկը եւ որոշումներ պիտի տան: «Եթէ կ՛ուզէք յաղթել, գիտելիք պէտք է ձեռք բերէք: Մենք բարբարոս ժողովուրդ չենք, մեր նախնիները մեզի արժէքներ փոխանցած են, եւ մենք պէտք է տէրը ըլլանք այդ արժէքներուն», ըսաւ Վարդանեան:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յայտնեց, որ դատական կազմի անդամներուն աշխատանքը դժուար եղած է` ընտրելու առաջինը, երկրորդը եւ երրորդը` նկատի ունենալով, որ բոլորին գործերն ալ գնահատելի էին` հաստատելով, որ աշակերտները կրցան ճիշդ պատգամը փոխանցել ընտրուած նիւթին եւ հարազատ կերպով զայն ներկայացուցին ժողովուրդին: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, մասնակից վարժարաններուն եւ դատական կազմի անդամներուն` Ռոզեթ Ալեմեանին, Վերա Կոստանեանին, Սարգիս Նաճարեանին, Եսայի Հաւաթեանին եւ Նորա Բարսեղեանին: Հաւաթեան նաեւ յատուկ գնահատանքով յիշեց գիրքին մեկենաս «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտը` յանձինս տէր եւ տիկին Շահպազեաններուն` իրենց ազգանուէր ներդրումին համար:

Իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ, որ անոնք պէտք է հպարտ ըլլան հայ դպրոցով, գիտնան արժէքը հայ ուսուցիչին եւ կրթական մշակներուն:

Վերջապէս, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ անդրադարձաւ հայ մարդուն կամքին ու եռանդին` նկատի առնելով երկրին արտասովոր պայմանները:

Ան ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը եւ մաղթեց, որ յարատեւէ հայ ժողովուրդը` շարունակելու համար իր հայապահպանման աշխատանքը:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հոգեկանին վրայ` յայտնելով, որ արժէքներու պահպանումը կարեւոր է մեր գոյատեւման համար:

Իր խօսքը ուղղելով տէր եւ տիկին Շահպազեաններուն` սրբազան հայրը յայտնեց, որ անոնք այս արարքով եւ աշակերտներուն ձեռքբերումներուն ընդմէջէն անթառամ կը պահեն յիշատակը իրենց հարազատին:

Սրբազան հայրը աշակերտներուն յայտնեց, որ հայ գիրքին նկատմամբ մեր սէրը պէտք չէ նուազի, եւ գիրքերը պէտք է իրենց արժանաւոր տեղը գտնեն մեր տուներուն մէջ, որովհետեւ հայ գիրքով է, որ մեր կեանքը կը դառնայ հայաբոյր, հարազատ եւ մտերիմ:

Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

Աղբիւր՝ AztagDaily