Սպասման Սրահին Մէջ

$9.00

Out of stock

Category:

Description

հեղինակ՝ Զապէլ Եսայեան

«Սպասման Սրահին Մէջ» վէպը առաջին անգամ թերթօնի ձեւով լոյս տեսած է «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի յաջորդական թիւերուն մէջ, սեպտեմբեր 1903-էն սկսեալ։
Այս տպագրութեամբ Եսայեանի առաջին վէպը կ՛ունենայ իր անդրանիկ հրատարակութիւնը, որ կու գայ ամբողջացնելու արեւմտահայ գրագիտուհիին գրական ժառանգութեան սկզբնական շրջանին մասին գոյութիւն ունեցող ընկալումները։
Ինչպէս նշուած է «Ծաղիկ»ի ծանուցումին մէջ, փարիզեան կեանքէ քաղուած այս վէպին մէջ ներկայացուած է պատկերը հիւանդանոցի բարքերու։ Ընթերցողները պիտի տեսնեն, թէ մասնագէտներու եւ մարդասէրներու գոծունէութիւնը եւ բարի տրամադրութիւնը կը ջլատուին երկրորդական պաշտօնեաներու կողմէ գործուած զեղծումներուն հետեւանքով։

19.5 x 13 cm

128 էջ

«Արաս» հրատարակչութիւն

2017

Additional information

Weight 0.15 kg