Մարութա Սարի Ամպերը

$14.00

Category:

Description

հեղինակ՝ Մուշեղ Գալշոյան

Մարութա սարը բազմադարեան պատմութեամբ հարուստ Սասուն աշխարհի խորհրդանիշներէն է։ Սոյն ժողովածուի պատմուածքներու հերոսները Սասունէն բռնագաղթած մարդիկ են, ովքեր վերահաստատուելով իրենց բնօրանէն հեռու, շարունակած են ապրիլ իերնց նախնիներուն աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու շունչով։ Երբեմն իրենց արարքներով անոնք կը յիշեցնեն «Սասնայ ծռերու»՝ հայոց էպոսի խենթ հերոսները, ովքեր նոյնպէս ծնունդ առած են անոնց հայրենի երկրին մէջ։ Պատմուածքներուն մէջ ներկայացուած են ազնիւ ու պարզամիտ, սակայն գործի մէջ կրակոտ ու անվարան կերպարներ։ Պատմուածքի հերոսները կարծես միսուարիւն առած կանգնած են մեր առջեւը, ու կարծես իրական կը տեսնենք, թէ ինչպէս կ՛երգեն կորսուած սիրոյ մասին։

368 էջ

21 x 15 cm

Զանգակ Հրատարակչութիւն
Երեւան – 2015

Additional information

Weight 0.600 kg