Description
հեղինակ՝ Մկրտիչ Մարկոսեան
Պատմածներուն մէջ «Մեր այդ կողմերը», հեղինակը կը ներկայացնէ, այնպէս՝ ինչպէս որ տեսած, կամ այնպէս ինչպէս որ ապրած է։
Հերոսները եւ իրենց անունները տուած է նոյնութեամբ։
Հիմա այդ հերոսներէն՝ այդ «պաճօ»ներէն, քեռիներէն շատերը արդէն իսկ մեկնած են «էնդի» դէմը։
Իրենց անունները՝ իրենց յիշատակները քիչ մըն ալ թող ապրին այս տողերուն եւ այս գրքոյկին մէջ։
176 էջ
19.5 x 13 cm
«Արաս» հրատարակչութիւն
2011