«Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» 2017-2018

​Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, ուրբաթ, 8 Յունիս 2018-ին երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծրագիրի 2017-2018 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանակաբաշխութեան մասնակցեցան հետեւեալ վարժարանները` Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Ազգային միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան…