Մանուկներու Խուռներամ Բազմութեամբ Թալին Երգեց Ու Խանդավառեց

Հակառակ երկրին մէջ տիրող անբարենպաստ կացութեան, շաբաթ, 18 եւ կիրակի, 19 յունուարին Համազգայինի գրախանութին կազմակերպած Թալինի ելոյթները ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն: «Էմիլ Լահուտ» սրահը երկու օրերու ընթացքին լեցուեցաւ մանուկներու եւ ծնողներու խուռներամ բազմութեամբ մը: Թալին իր հին ու նոր երգացանկերով մեծապէս խանդավառեց ներկաները` ստեղծելով համակող պահեր: Այս ելոյթներուն մասնակից դարձան նաեւ Համազգային «Գայեանէ» պարի դպրոցի փոքրիկները…