Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 2017 եւ 2018 տարեշրջաններու հունձքի ներկայացում

Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2018-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հրատարակչական գործի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի օգտագործած առաջին մամուլի տեղադրման եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 2017 եւ 2018 տարեշրջաններու հունձքի ներկայացման նուիրուած ձեռնարկը` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակին առիթով: Խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ…