Գիրքերու շրջուն ցուցահանդէս Ա. Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ

Համազգայինի գրատարածի այս տարեշրջանի միջդպրոցական շրջուն ցուցահանդէսը ընթացք առաւ 19 ապրիլ 2018-ին եւ այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ։ Աշակերտները ծանօթացան Համազգայինի մանկական եւ մանկապատանեկան գիրքերուն եւ կատարեցին գնումներ Գիրքերու շրջուն ցուցահանդէս Ա. Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ

Բողբոջ դասարանի նոր դասագիրքի ներկայացման

Չորեքշաբթի, 5 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բողբոջ դասարանի նոր դասագիրքի ընդհանուր ծրարի ներկայացման հանդիպում։ Հանդիպումին ներկայ էին լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, մանկապարտիզպանուհիներ եւ ուսուցիչները։ Պատրաստող խումբը մանրամասնօրէն ներկայացուց ընդհանուր աշխատանքը։ Աւարտին իւրաքանչիւր վարժարանի տրամադրուեցաւ ծրարէն օրինակ մը։

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 2017 եւ 2018 տարեշրջաններու հունձքի ներկայացում

Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2018-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հրատարակչական գործի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի օգտագործած առաջին մամուլի տեղադրման եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 2017 եւ 2018 տարեշրջաններու հունձքի ներկայացման նուիրուած ձեռնարկը` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակին առիթով: Խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ…