Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Այցելութիւն

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի 2-րդ եւ 3-րդ դասարանի աշակերտները, 31 Հոկտեմբեր 2018-ին այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանն ու գրախանութը։Աշակերտներուն տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ տպարանի աշխատանքինշուրջ։ Ինչպէս նաեւ ստացան իրենց նուէր գիրքերը։ Համազգայինի մեծ ընտանիքը, բոլոր աշակերտներուն յաջողութիւն եւ բարի վերամուտ կը մաղթէ։

«Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» 2017-2018

​Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, ուրբաթ, 8 Յունիս 2018-ին երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծրագիրի 2017-2018 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանակաբաշխութեան մասնակցեցան հետեւեալ վարժարանները` Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Ազգային միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան…