Չորս Աշակերտներ Դարձան Գիրքի Հեղինակներ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, երէկ, ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 6:30¬ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» ծրագիրի 2016-2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` մասնակցութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական…