ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ – ԳՐԱՏԱՐԱԾ | ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՇՐՋՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, 4-րդ տարին ըլլալով, ապրիլ, մայիս եւ յունիս ամիսներուն կազմակերպեց դպրոցական շրջուն ցուցահանդէս եւ այցելեց տասը հայկական վարժարաններ։ Այցելութեան ընթացքին աշակերտութեան ներկայացուեցաւ Համազգայինի եւ այլ հրատարակչատուներու մանկապատանեկան հրատարակութիւններու եւ դաստիարակչական խաղերու փունջ մը։ Համազգայինի գրատարածի անձնակազմը իւրաքանչիւր վարժարանի մէջ մնաց ամբողջ օր մը՝ առիթ տալով աշակերտներուն, որ զբօսանքներուն եւ դասապահի ժամերուն,…

ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ՎԿԱՅԵՆ

Ընթերցանութեան նահանջի պայմաններուն մէջ աշակերտները գիրքին կապելու, գիրքը սիրցնելու տեսակէտէն Համազգայինի գրատարածի կատարած աշխատանքը արժանի է քաջալերութեան եւ գնահատանքի: Մանկական գիրքերու ցուցահանդէսին դպրոցէն ներս կազմակերպումը կը դիւրացնէ գիրքերու ծանօթացման աշխատանքը: Աշակերտներու այցելութիւնը դպրոցէն դուրս կազմակերպուող ցուցահանդէսներուն կը խանգարէ դպրոցական աշխատանքներու կանոնաւոր կայացումը: Համազգայինի ցուցահանդէսը զերծ կը մնայ այս անպատեհութենէն: Գիրքն ու ընթերցանութիւնը հարկ է սիրցնել,…