Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն. Երկու Հազար Մանուկներ Թալինին Հետ Հայ Երգով Յիշատակելի Ժամեր Ապրեցան

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրախանութին, մանկական երգերու մեկնաբան Թալինի ելոյթները տեղի ունեցան 27 եւ 29 մայիս 2016-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ: Երկու օրերու ընթացքին սրահը  լեցուեցաւ մանուկներու եւ ծնողներու խուռներամ բազմութեամբ: Համազգայինի գրախանութին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց եւ ձեռնարկը հանդիսավարեց Անժելա Տաղլեան: Շուրջ մէկուկէս ժամ Թալին երգեց, պարեց եւ…