«ՕՏԱՐԱԿԱՆԸ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ, ՎԱԼԵՐԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Գործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, Պէյրութի «Սալոն տիւ Լիվր Ֆրանքոֆոն»-ի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, 25 հոկտեմբեր 2015-ին, Պիելի խորհրդաժողովի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «1915 – 2015 հարիւրամեայ պայքար» խորագիրով կլոր սեղան՝ ֆրանսահայ գրող Վալերի Թորանեանի «Օտարականը» վէպին վերաբերող: Բացումը կատարեց Քրիսթին Պապիկեան-Ասաֆ, որ նախ հակիրճ կերպով ծանօթացուց Վալերի Թորանեանը, ապա ներկայացուց վէպին նիւթը: Անկէ ետք…