ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը մասնակցեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի 36-րդ գիրքերու ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 11 հոկտեմբերէն մինչեւ 1 նոյեմբեր՝ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ։