«ԱՐՄԱՆ ԱՀԻԱԱ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, 18 մայիս 2015-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանցի բանաստեղծ Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» («Ապրող հայեր») խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան ընթացքին Նուրհան Մորսիլ մերթ ընդ մերթ ներկայացուց խօսք առնողները: Նախ խօսք առաւ լիբանանցի ծանօթ մտաւորական, բանաստեղծ Հապիպ Եունես: Ան յայտնեց,…