Դպրոցական Շրջուն Ցուցահանդէս

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, 3-րդ տարին ըլլալով, մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն կազմակերպեց դպրոցական շրջուն ցուցահանդէս եւ այցելեց 11 հայկական վարժարաններ: Այցելութեան ընթացքին աշակերտութեան ներկայացուեցաւ Համազգայինի եւ այլ հրատարակչատուներու մանկապատանեկան հրատարակութիւններէ եւ դաստիարակչական խաղերէ փունջ մը: Համազգայինի գրատարածի անձնակազմը իւրաքանչիւր վարժարանի մէջ մնաց ամբողջ օր մը` առիթ տալով աշակերտներուն, որ զբօսանքներու եւ դասապահի ժամերուն, ուսուցիչներուն…