Հայաստանեան Հրատարակութիւններու Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, երկրորդ տարին ըլլալով «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ երէկ` երեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ հայաստանեան հրատարակութիւններու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի հրատարակութիւններու զեղչ-վաճառքը: Այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ Պոլիսէն եւ Լիբանանէն հայկական հրատարակչատուներ` իրենց հաւաքածոներով: Ցուցահանդէսին բացման առիթով Համազգայինի անունով բացման խօսքը արտասանեց Արազ Մարոնեան-Սերոբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց…