Ընթերցանութեան նահանջի պայմաններուն մէջ աշակերտները գիրքին կապելու, գիրքը սիրցնելու տեսակէտէն Համազգայինի գրատարածի կատարած աշխատանքը արժանի է քաջալերութեան եւ գնահատանքի: Մանկական գիրքերու ցուցահանդէսին դպրոցէն ներս կազմակերպումը կը դիւրացնէ գիրքերու ծանօթացման աշխատանքը: Աշակերտներու այցելութիւնը դպրոցէն դուրս կազմակերպուող ցուցահանդէսներուն կը խանգարէ դպրոցական աշխատանքներու կանոնաւոր կայացումը:

Համազգայինի ցուցահանդէսը զերծ կը մնայ այս անպատեհութենէն: Գիրքն ու ընթերցանութիւնը հարկ է սիրցնել, դարձնել ընկերը աշակերտին: Համազգայինի գրատարածը այս նպատակին իրականացման լծուած է:

Շնորհակալ ու արգասաբեր այս գործը հարկ է շարունակել եւ վերածել մնայուն աւանդութեան:

Տիգրան Ճինպաշեան
Տնօրէն Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի

Քանի մը տարիէ հայկական վարժարաններուն համար սպասուած ժամադրութիւն մըն է հայ գիրքին հետ տարեկան հանդիպումը՝ Համազգայինի գրատարածին վարժարան այցելութեամբ։ Երեւոյթը ուշագրաւ է, աշակերտներուն մօտեցումը՝ դրական։ Մեծեր կը հանդիպին իրենց ծանօթ գիրքերու նոր հրատարակութիւններուն, կրտսերներ ծանօթութիւններ կը հաստատեն գործերու հետ, որոնց հեղինակներուն կը հանդիպին դպրոցական իրենց դասագիրքերուն մէջ։

Այսպէս, հայ գիրքն ու հեղինակը դուրս կու գան դասագրքային նեղ սահմաններէն եւ կը դառնան շօշափելի ներկայութիւններ՝ տիպով ու տառով։ Շատեր այդ ներկայութիւնը իրենց հետ կը փոխադրեն իրենց տուները՝ անպայման գիրք մը կամ գիրքեր գնելով։ Ի՜նչ լաւ վարժութիւն, որուն սովորութեան վերածումը պիտի փափաքէր իւրաքանչիւր կրթական մշակ։

Յակոբ Պարոնեան պիտի ըսէր՝ «Եթէ մարգարէն լերան քով չերթայ, լեռը մարգարէին քով կու գայ»։ Գրատարածին նախաձեռնութիւնը մեր լեռ մը գիրքերը մեր ապագայ մարգարէներուն քով բերելու ճիգն է։ Գնահատելի ճիգ մը, որուն համար Համազգայինը արժանի է ամէն քաջալերանքի։

Վիգէն Աւագեան
Տնօրէն Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի

Մեծապէս ողջունելի է գիրքի տարածման իւրաքանչիւր ձեռնարկ, մանաւանդ երբ անիկա կը կատարուի դպրոցական միջավայրին մէջ: Հաղորդակցութեան միջոցներու սրընթաց զարգացումի պայմաններուն մէջ նման ձեռնարկներ կու գան պարման-պարմանուհիներուն ուշադրութիւնը անգամ մը եւս ուղղելու գիրքին եւ ընթերցանութեան, որ միշտ ալ պիտի մնայ աղբիւրը զարգացումի, գիտելիքներու հարստացման եւ մարդու մտահորիզոնի ընդլայնումին:

Համազգայինի գրատարածին գործունէութիւնը առաւել կարեւորութիւն կը ստանայ, երբ նկատի առնենք այն ճիգը, որ ի գործ կը դրուի հայերէն գիրքերու ընթերցանութիւնը քաջալերելու համար: Գրատարածը մեծապէս կը նպաստէ, որ յատկապէս հայ դասական գրականութեան երկերը չմնան պատմութեան դարակներուն վրայ, այլ իջնեն հայ աշակերտի սեղանին ու զայն հաղորդ դարձնեն այն գանձերուն, որոնք երկնուեցան դարերու ընթացքին:

Կրեկուար Գալուստ
Տնօրէն Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Մեսրոպեան հուրը միշտ վառ պահելու ձեր ազգանուէր առաքելութիւնը կ’արժանանայ վարժարանիս տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին ու աշակերտութեան բարձր գնահատանքին ու յարգանքին:

Արդարեւ, աւանդութիւն դարձած ձեր «շրջուն գրադարանը» մեծ առիթ կ’ընծայէ աշակերտներուն, որ ծանօթանան մանկապատանեկան գրականութեան:  Մայրենին ամրապնդելու եւ զայն անաղարտ գործընթացին մէջ աննախադեպ այս միջոցառումը մանուկներուն ու պատանիներուն պատեհութիւն կ’ընծայէ հայ գիրքին միջոցով սորվելու բարին, գեղեցիկը ու ազնիւը՝ միաժամանակ անոնց մէջ արմատացնելով հայրենասիրութիւն, հայկական արժէքներ ու բարիքներ:

Աստուած առատապէս օրհնէ ձեզ եւ ձեր մէջ միշտ վառ պահէ մայրենիին հանդէպ տածած ձեր նուիրումի վեհ հոգին:

Յարգանօք՝
Անի Տաքէսեան
Նախակրթարանի Պատասխանատու Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի