Նոր տարուան առիթով աւանդութիւն դարձած եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի 85¬ամեակին առիթով երէկ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, ներկայութեամբ` երեք յարանուանութեանց պետերուն, Համազգայինի հրատարակչատան խնամակալ մարմինին, հրատարակչական յանձնախումբին, ցուցասրահի յանձնախումբին եւ Համազգայինի Կեդրոնական ու Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահին կողքին գործող բարերարներու:
Այս առիթով խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը անխափանօրէն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը իբրեւ տպարան, գրատարած, գրախանութ եւ եօթնամեայ ցուցասրահ:
Ան յայտնեց, որ այս հանդիպումին նպատակն է նաեւ տարեկան հաշուետուութիւն կատարել` ներկայացնելով հրատարակչատան անցնող տարուան գործերը, հրատարակած գիրքերը եւ կազմակերպած ցուցահանդէսները, հայ գիրքը հայ օճախին, հայ պատանիին ու մանուկին սիրելի դարձնելու ճիգը:
«Մենք կը հաւատանք, որ հաւաքական կեանքին մէջ առանձին ոչինչ կարելի է կատարել: Կը հաւատանք, որ մենք բոլորս միասնաբար շատ բան կրնանք իրագործել, եւ այստեղ հաւաքուած ներկաները ատոր կրկնակի ապացոյցն են», յայտնեց Յ. Հաւաթեան` նշելով, որ հրատարակչատունը նաեւ կը գործակցի հայկական կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ մամուլին հետ, եւ այդպիսով սփիւռքահայ գիրքի եւ հրատարակութեան պատմութեան մէջ կը կերտէ իր արժանի տեղը:
Հաւաթեան նշեց, որ վերջին շրջանին այդ գործը ամբողջացաւ հայ կերպարուեստի ներկայացուցիչներու գործերուն ցուցադրութեամբ:
Համազգայինի հրատարակչատան յանձնախումբի անդամ Կարօ Յովհաննէսեան ներկայացուց հրատարակչատան կարճ պատմականը` շեշտելով, որ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան առաքելութիւնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ անիկա իր իւրայատուկ տեղը ունի գրատարածման աշխատանքին մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ 85-ամեակի կարկանդակի հատումը, ապա` հիւրասիրութիւն: