Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, երկրորդ տարին ըլլալով «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ երէկ` երեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ հայաստանեան հրատարակութիւններու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի հրատարակութիւններու զեղչ-վաճառքը:
Այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ Պոլիսէն եւ Լիբանանէն հայկական հրատարակչատուներ` իրենց հաւաքածոներով:
Ցուցահանդէսին բացման առիթով Համազգայինի անունով բացման խօսքը արտասանեց Արազ Մարոնեան-Սերոբեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Հայաստանի հրատարակիչներու միութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչական բաժանմունքին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, «Էդիտ Պրինտ», «Անտարես», «Զանգակ», «Պրինտ ինֆօ-Սարգիս Խաչենց» հրատարակչատուներուն, «Պուքինիստ» գրահրատարակչութեան եւ «Խնկօ Ապեր» գրադարանի տնօրէնութեան, որոնք ցուցահանդէսին մասնակցութեամբ եւ Լիբանան ներկայութեամբ կ՛իմաստաւորեն այս ձեռնարկը:
Ապա խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ Սէյրանուհի Գեղամեան, որ յայտնեց, թէ գիրքը այն մնայուն արժէքն է, որ տարիներէ ի վեր ի մի կը բերէ մեր բոլորին զգացումներն ու ցանկութիւնները, եւ այս տագնապահար աշխարհին մէջ մենք այսօր կը մտածենք գիրքի մասին: Գեղամեան շեշտեց, որ գիրքը բարութեան ամէնէն կարեւոր սերմնացանն է: Խօսելով Հայաստանի մասին` Գեղամեան դիտել տուաւ, որ անկախութենէն ետք գրահրատարակչութիւնը ամէնէն արդիւնաւէտ մարզն է:
Սէյրանուհի Գեղամեան իր խօսքը փակելով ըսաւ, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը գնահատելի աշխատանք կը տանի Պէյրութի մէջ` հանդիսանալով հայ գիրքի եւ մշակոյթի ողնասիւնը:
«Մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ հայ մնալը սփիւռքի մէջ, ընդունեցէք մեր խորին երախտագիտութիւնը: Մենք պատրաստ ենք մեր գործակցութիւնը բերելու հայապահպանման գործին մէջ», յայտնեց Գեղամեան:
Այս առիթով խօսք առաւ Հայաստանի հրատարակիչներու միութեան նախագահ Մկրտիչ Կարապետեան: Ան ներկաներուն յայտնեց, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած է հայաստանեան հրատարակութիւններուն մեծամասնութիւնը, եւ այս տարի անոնք լոյս տեսած են մեծ թիւով, ապա ան յոյս յայտնեց, որ գործակցութիւնը շարունակուի:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով յայտնեց, որ թէեւ մեր առօրեան կլանուած է քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրներով, բայց տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած նուաճումը եւ հաւաքական կամքի դրսեւորումը սփիւռքի կեդրոնական գաղութին շրջանցել տուած են ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ խոչընդոտ: Խօսելով ցուցահանդէսին մասին` Հաւաթեան յայտնեց, որ անցնող տարեշրջանին ստեղծուած մթնոլորտէն քաջալերուած, որոշած են հայաստանեան հրատարակութիւններու շաբթուան նախաձեռնութեան տալ տարեկան աւանդական բնոյթ:
«Մենք` համազգայնականներս, «մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» նշանաբանով առաջնորդող մեր երթին մէջ կը հաւատանք, որ Հայաստան – սփիւռք յարաբերութիւնները յատկապէս մշակութային մարզին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունին», ըսաւ Հաւաթեան:
Ան նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ հայապահպանման կարեւորութեան` նշելով, որ հայ մարդը օրէ օր քիչ մը աւելիով կը հեռանայ հայկականութենէ, ասով հանդերձ պէտք է թիավարել հոսանքն ի վեր, եւ ահա այդ համոզումին հաստատ վկայութիւնը:
Իր խօսքի աւարտին Հաւաթեան ըսաւ. «Մենք պիտի շարունակենք հայ գիրքը պահել մեր ուշադրութեան կեդրոնը, գուրգուրանք հայ դպրոցի յարատեւութեան, յարգենք հայ գրողը եւ այդ յարգանքը դրսեւորենք գործնապէս, որպէսզի ապրի հայութիւնը, երաշխաւորուի անոր գոյերթը»:
Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ նկատել տուաւ, թէ ցուցահանդէսին նախաձեռնումը երկարատեւ ազդեցութիւն պիտի ունենայ տպագրական եւ հրատարակչական արդիւնաբերութեան վրայ եւ պիտի ապահովէ Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան խորացման հոլովոյթի շարունակականութիւնը, ինչպէս նաեւ համացանցի այս դարուն երիտասարդներուն մօտ պիտի խորացնէ սէրը հայ գիրքին նկատմամբ:
Իր խօսքի աւարտին դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէնութեան ջանքերը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Աղբիւր՝: Aztag Daily