Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, 4-րդ տարին ըլլալով, ապրիլ, մայիս եւ յունիս ամիսներուն կազմակերպեց դպրոցական շրջուն ցուցահանդէս եւ այցելեց տասը հայկական վարժարաններ։ Այցելութեան ընթացքին աշակերտութեան ներկայացուեցաւ Համազգայինի եւ այլ հրատարակչատուներու մանկապատանեկան հրատարակութիւններու եւ դաստիարակչական խաղերու փունջ մը։ Համազգայինի գրատարածի անձնակազմը իւրաքանչիւր վարժարանի մէջ մնաց ամբողջ օր մը՝ առիթ տալով աշակերտներուն, որ զբօսանքներուն եւ դասապահի ժամերուն, ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ծանօթանան հրատարակութիւններուն եւ դաստիարակչական խաղերուն։ Բոլոր վարժարաններուն մէջ արձանագրուեցաւ խանդավառ ու վարակիչ մթնոլորտ, աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ թերթատեցին գիրքերը եւ գնեցին իրենց նախասիրածը։
1508 ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՍԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ճԱՄԲՈՎ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑԻՆ ՀԱՅ ՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ:
Այս առիթով «Հրակը» գիրքի հեղինակ Յասմիկ Պոյմուշաքեան աշակերտներուն ներկայացուց Համազգայինի մանկական այս նոր հրատարակութիւնը։ 2016 տարեշրջանին կատարուած այս շրջուն ցուցահանդէսի ընթացքին սպառեցաւ 1508 մանկապատանեկան գիրք: