Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, 3-րդ տարին ըլլալով, մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն կազմակերպեց դպրոցական շրջուն ցուցահանդէս եւ այցելեց 11 հայկական վարժարաններ: Այցելութեան ընթացքին աշակերտութեան ներկայացուեցաւ Համազգայինի եւ այլ հրատարակչատուներու մանկապատանեկան հրատարակութիւններէ եւ դաստիարակչական խաղերէ փունջ մը:
Համազգայինի գրատարածի անձնակազմը իւրաքանչիւր վարժարանի մէջ մնաց ամբողջ օր մը` առիթ տալով աշակերտներուն, որ զբօսանքներու եւ դասապահի ժամերուն, ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ծանօթանան հրատարակութիւններուն եւ դաստիարակչական խաղերուն:
Բոլոր վարժարաններուն մէջ արձանագրուեցաւ խանդավառ ու վարակիչ մթնոլորտ, աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ թերթատեցին գիրքերը եւ գնեցին իրենց նախասիրածը:
Ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ դպրոցական շրջուն ցուցահանդէսին ընթացքին հայկական տասնմէկ վարժարաններու մէջ մանկական եւ պատանեկան գրականութեան հաւաքածոյէն վաճառուեցաւ 1236 գիրք:
Այս երեւոյթը կը գօտեպնդէ մեզ եւ կը խթանէ հրատարակչական մեր նոր ծրագիրները` ի խնդիր հայ գիրի ու գրականութեան տարածման եւ մայրենիի պահպանման:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»
հրատարակչատան գրատարածի
տնօրէնութիւն
Մայիս, 2015