Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, 18 մայիս 2015-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանցի բանաստեղծ Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» («Ապրող հայեր») խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան ընթացքին Նուրհան Մորսիլ մերթ ընդ մերթ ներկայացուց խօսք առնողները: Նախ խօսք առաւ լիբանանցի ծանօթ մտաւորական, բանաստեղծ Հապիպ Եունես: Ան յայտնեց, որ հայերու ապրած հարիւրամեայ արհաւիրքը իր բոլոր դառնութիւններով բանաստեղծ Հատի Մրատ ամփոփած է իր գիրքին մէջ: Ապա յաջորդաբար խօսք առին նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի եւ գիրքին հեղինակը` Հատի Մրատ: Անոնք բանաստեղծական տողերով ու գիրքէն բաժիններ կարդալով բարձր գնահատեցին երիտասարդ բանաստեղծին այս նախաձեռնութիւնը: Իր կարգին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան խոր դրուատիքով անդրադարձաւ երիտասարդ հեղինակին սոյն նախաձեռնութեան, որ աննախընթաց եւ իւրայատուկ է: Աւարտին ներկայացուեցաւ «Ապրող հայեր» («Արման Ահիաա») խորագրեալ ասմունքախառն երգի տեսերիզը:

«ԱՐՄԱՆ ԱՀԻԱԱ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ՝
AUB ԵՒ LAU ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի լիբանանեան-հայկական աւանդներու ակումբին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ գործակցութեամբ, ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2015-ին, յետմիջօրէի ժամը երկուքին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ուեսթ Հոլ» սրահին մէջ:

Լրագրող Հալիմէ Թապիհա իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները: Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին դատին եւ արհաւիրքներուն, անոր բարեմասնութիւններուն եւ վերջապէս ներկայացուց երիտասարդ բանաստեղծին կենսագրականը:

Ապա, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանեան-հայկական ակումբի նախագահ Խաժակ Կէօքճեան կարճ խօսքով մը ողջունեց գիրքին հրատարակութիւնը:

Յաջորդիւ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեան խօսք առաւ եւ իր կարգին ողջունեց հեղինակին եւ Համազգայինի միացեալ ջանքերը:

Դոկտ. Կէօքճեանի ելոյթէն ետք օրուան հիւր բանախօսը` ֆիլմաշարերու բեմագրութիւններու հեղինակ Քլոտիա Մարշալեան բեմ բարձրացաւ: Մարշալեան շեշտեց, որ այսօր ոչ մէկ հայ գոյութիւն ունի Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հողերուն վրայ. հետեւաբար պատահածը զուտ ցեղասպանութիւն է:

Յայտնենք, որ երկուշաբթի, 27 ապրիլին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ժիպէյլի Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին մէջ, եւ դարձեալ Համազգայինի հրատարակչատան հետ գործակցաբար, տեղի ունեցաւ նոյն գիրքին շնորհահանդէսը: Այս առիթով խօսք առին Փոլա Եագուպեան եւ դոկտ. Նիտալ Տեքեշ: