Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրախանութին, մանկական երգերու մեկնաբան Թալինի ելոյթները տեղի ունեցան 27 եւ 29 մայիս 2016-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ: Երկու օրերու ընթացքին սրահը  լեցուեցաւ մանուկներու եւ ծնողներու խուռներամ բազմութեամբ: Համազգայինի գրախանութին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց եւ ձեռնարկը հանդիսավարեց Անժելա Տաղլեան:

Շուրջ մէկուկէս ժամ Թալին երգեց, պարեց եւ ուրախացուց մանուկները, որոնք իրենց կարգին մասնակից դարձան յայտագիրին: Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ այս առիթով կազմակերպուած մրցանքին մասնակցած մանուկները, որոնց երգերու մեկնաբանութիւնները նախօրօք տեղադրուած էին Համազգայինի դիմատետրի էջին վրայ բարձրացան բեմ եւ Թալինին հետ երգեցին ու պարեցին: Թալինին ելոյթներուն մասնակցեցաւ «Ուրախ տարեդարձ» խումբը` «Փիսոն, նապիկը, ծաղրածուն եւ պուպրիկը»: Յայտագիրին ընթացքին աճպարար Տանի իր աճպարարութիւններով նաեւ ուրախացուց մանուկները:

Ելոյթներու ընթացքին սրահի մուտքին վաճառուեցան Համազգայինի մանկապատանեկան հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ ձեռնարկներու աւարտին Թալին մակագրեց իր խտասալիկները, եւ բոլոր փոքրիկները առիթ ունեցան նկարուելու Թալինին հետ: Անոնք սրահէն բաժնուեցան կրկին հանդիպելու փափաքով եւ ակնկալութեամբ

http://www.aztagdaily.com/archives/297161