Description
Հաւաքեց եւ մշակեց՝ Սօսէ Սարգիսեան-Ճինպաշեան
Էջադրում եւ ձեւաւորում՝ Մեղրի Շամմասեան
Խաղիկները, տաղերը, քառեակները շատ կարեւոր են 0-3 տարեկան երեխաներուն համար: Երեխան կը լսէ չափահասին կողմէ արտասանուած եւ բեմականացուած քառատող, եռատող եւ երկտող խաղիկները, կ՚ընտելանայ կշռոյթներուն, հնչիւններուն, հնչոյթներուն: Այդ խաղիկներուն կրկնութիւնները, ըլլան անոնք երգ կամ տաղ, պիտի օգնեն, որ երեխան լսէ եւ արտաբերէ հնչիւններ ու վանկեր: