Description
հեղինակ՝ Մկրտիչ Մարկոսեան
Հեղինակը այս գիրքը կը ձօնէ Լիւսիէ պաճոյին, որ վերջին շառաւիղն էր այն «օրհնեալ» պաճօներուն, «որոնք զմեզ սնուցին» մեր մայրենիով՝ Տիգրանակերտի բարբառով։ Լիւսիէ պաճօն մինչեւ իր վերջին օրերը չբաժնուեցաւ Տիյարպաքըրէն, ապրեցաւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Օր մը ծանր հիւանդ վիճակով փոխադրուեցաւ Ստանպուլ՝ Ս.Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր տասնեօթը օր վերջ հոգին աւանդեց 1996-ի Ապրիլի 2-ին։ Ան հիմա կը հանգչի Հալըճըօղլուի հայոց գերեզմանատունը, հանդիպակաց՝ երբեմնի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ, Գալֆաեան Տան եւ գիշերօթիկ Ներսէսեան վարժարանի շէնքերու, որոնք փլուզումի ենթարկուեցան եօթանասուններու սկիզբը, շրջանային ճամբայաշինութեան պատճառաւ։ Գոնէ այս տողերուն մէջ թող յիշուի ան, եթէ օր մը անհետանան այն անցորդներն ալ, որոնք չեն մոռնար «օղորմի էրթէ հոգուն» մը արտասանել այդ արագընթաց երթեւեկին մէջ, երբ քովէն կ՛անցնին Հալըճըօղլուի Գերեզմանատան։
192 էջ
19.5 x 13 cm
«Արաս» հրատարակչութիւն
2010