Վան-Վասպուրականի Ազգագրական Բնորոշ երգային նմուշ..

$15.00

Out of stock

Description

Վան-Վասպուրականի Ազգագրական Բնորոշ երգային Նմուշներ

Գողտրիկ, բայց սիրտ լեցնող, հոգի ու միտք հարստացնող հատորիկ մըն է «Վան-Վասպուրականի ազգագրական երգերու բնորոշ նմուշներ» խորագրեալ հատորը, զոր կազմած է ծանօթ երաժշտագէտ-մտաւորական Պետրոս Ալահայտոյեան, եւ իրեն պէս հայ երգին հանդէպ սէր, գուրգուրանք ու պաշտամունք ունեցողներուն կը հրամցնէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան կիսուն: Անմիջապէս ըսենք, որ կը ցանկանք մեր ժողովուրդը, իր տարեց ու երիտասարդ սերունդներով, տեսնել պաշտողներու այս տեսակին մէջ…

Փոքրածաւալ, «գրպանի գիրք»-ի ծաւալով եւ 192 էջերու վրայ տարածուող հատոր մըն է «…Նմուշներ»-ը, հիւսուած` շուրջ 50 երգերու եւ պարեղանակներու վրայ. երգերը քաղուած են Պ. Ալահայտոյեանի երգադարանի գանձարանէն:

Հաւաքագրող` Պետրոս Ալահայտոյեան

Additional information

Weight 0.5 kg