Շնորհքով Մարդիկ / Հլուները եւ Ըմբոստները

$10.00

Out of stock

Category:

Description

հեղինակ՝ Զապէլ Եսայեան

Հատորը կ՛ամփոփէ Զապէլ Եսայեանի երկու վէպերը։ «Շնորհքով Մարդիկ»ը, որ կը պատմէ Պոլսոյ վերնախաւին պատկանող ընտանիքի մը մութին մնացած գաղտնիքները եւ կը բացայայտէ անոր ներքին փտածութիւնը, առաջին անգամ տպագրուած է Պոլսոյ մէջ, 1907-ին, «Սագաեան» տպարանէն, որպէս «Նշան Պապիկեան մատենադարան»ի հրատարակութիւնը։ Վէպը ունեցած է երկրորդ հրատարակութիւն մը եւս, Սովետական Հայաստանի մէջ, 1959-ին։
Երկրոդ վէպը՝ «Հլուները եւ Ըմբոստները», կանխելով հանդերձ առաջինը, ցարդ մնացած էր մամլոյ հաւաքածոներուն մէջ։ Համիտեան բռնապետութեան տարիներու պոլսական կեանքէն դրուագ մը պատկերող վէպը Եսայեան Շահան ծածկանունով որպէս որպէս թերթօն նախ տպագրած է Գահիրէի «Ազատ Բեմ» հանդէսին մէջ, 14 յուլիս – 26 նոյեմբեր 1906 թթ. մինչեւ՝ առանց սակայն հասցնելու աւարտի մը։ Վէպին «առաջին» հատուածը հետագային գրագիտուհիին իսկական անունով հրատարակուած է Պոլսոյ «Ձայն Հայրենեաց»ին մէջ եւս՝ հոկտեմբեր 1908-էի սկսեալ։ Առանձին հատորով մը երբեք լոյս չէ տեսած։
Այս նոր հրատարակութեան աւարտին որպէս վերջաբան զետեղուած է գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Երկու վէպեր» խորագրեալ յօդուածը, ինչպէս նաեւ բանասէր Սեւան Տէմիրճեանի մէկ ուսումնասիրութիւնը, որ ցոյց կու տայ «Շնորհքով մարդիկ» վէպի պոլսական ու սովետական հրատարակութիւններուն միչեւ եղած տարբերութիւնները։

232 էջ

19.5 x 13 cm

«Արաս» հրատարակչութիւն
2018

Additional information

Weight 0.2 kg