Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ

$8.00

Category:

Description

Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ» գիրքը, ինչպէս վերնագիրը կը թելադրէ, հեղինակին մտովին ճամբորդութիւնն է դէպի անցեալ՝ յատկապէս Լիբանան, ուր ան անցուցած է իր մանկութիւնը, պատանութիւնն ու երիտասարդութեան սկզբնական տարիները։ Սովորական վերյուշեր չեն պատմուածները. շատ յաճախ վարակիչ թախիծ մը կ՛անցնի տողերուն ընդմէջէն, որ «կը մատնէ» հեղինակին անքակտելի կապը իր ծննդավայրին հետ։ Թախծալից յիշատակները հարստացած են խոհերով, դատումներով, ուր ի յայտ կու գան գրողին հայրենասիրական, ընկերաբանական եւ մարդկային մտածումներն ու արժեչափերը։
Գիրքը ուղղուած է ընթերցող լայն շրջանակի, ինչպէս նաեւ շահեկան տուեալներով օգտակար կրնայ դառնալ լիբանանահայ գաղութի պատմութիւնը հետազօտողներուն։

432 էջ

23 x 16 cm

Անթիլիաս
2018

 

Additional information

Weight 0.7 kg