Description
4 հատոր (5 գիրք)
Նիւթերու համադրում եւ խմբագրութիւն՝ Արա Արծրունի
Մեկենասութեամբ՝ Ժորժ Սարգիսեանի եղբօր դստեր՝ Անժէլին եւ իր ամուսինին՝ Սինան Սինանեանին
Հրատարակութիւն՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան
Համազգայինի «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբի վաստակաշատ բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի հատորներու ներկայ շարքը իր մէջ կ՛ամփոփէ անոր կողմէ թարգմանուած թատերգութիւններու ամբողջութիւնը։ Իւրաքանչիւր թատերգութեան սկզբնաւորութեան կը ներկայացուի բացատրական-ծանօթագրութիւն մը՝ ընթերցողը դնելու համար հեղինակին եւ թարգմանիչին ստեղծած մթնոլորտին մէջ։
Ա. Հատոր՝ 424 էջ, 6 թատերգութիւններ
Բ. Հատոր՝ 464 էջ, 7 թատերգութիւններ
Գ. Հատոր՝ 160 էջ, 3 թատերգութիւններ
Դ. Հատոր, Ա. մաս՝ 344 էջ, 4 թատերգութիւններ
Դ. Հատոր, Բ. մաս՝ 480 էջ, 5 թատերգութիւններ