Description
հեղինակ՝ Երուանդ Օտեան
Վէպ պոլսահայ կեանքէ
Հեղինակին մահուան 90-ամեակին առիթով
Մեկենասութեամբ Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղին
Հայ մեծանուն երգիծաբան Երուանդ Օտեանի «Թաղականին կնիկը» վէպը կը ներկայացնէ 20-րդ դարու պոլսահայ կեանքի կենցաղը, ուր հեղինակը նկարագրած է իշխող եւ մեծահարուստ խաւի կիներու քմահաճոյքները, մարդկային այլատեսակ նկարագիրները, ընտանեկան եւ բարոյական հարցերն ու սովորութիւնները:
Տուեալ ստեղծագործութիւնը, հակառակ անոր որ գրուած է 1915 թուականին երկու հանգրուաններով, սակայն իր թեմայով եւ մատնանշումներով շատ մը կէտերու մէջ կը պատշաճի նաեւ մերօրեայ ընկերութեան ապրելակերպին:”
488 էջ
19 x 13.5 cm
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
Պէյրութ – 2017