Description
հեղինակ՝ Մալխաս
խմբագիր՝ Կարօ Յովհաննէսեան
2148 էջ (608-720-820)
21.5 x 14 cm
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
Պէյրութ – 2019
«ԶԱՐԹՕՆՔ»ը (չորս հատոր) գլուխ-գործոցն է Մալխասի (Արտաշէս Յովսէփեան․ 1877-1962)։ Այս գործը հարազատ վիպականացումն է հայ ազատագրական-յեղափոխական պայքարի մէկ կարեւոր ժամանակաշրջանի (1903-1918)։ Վէպին գլխաւոր միջավայրերը կը հանդիսանան Կովկասը, Պարսկաստանը եւ Վասպուրականը։
Առաջին հատորին մէջ վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Վարդան, կ՛ահաբեկէ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատար մը եւ կը դառնայ փախստական։ Ան սիրահարած է Սոնիայի հետ, սակայն նախամեծար կը նկատէ Երկիր անցնիլ։ Արաքս գետի վրայով անցնելու ատեն, ծանրօրէն կը վիրաւորուի։ Բուժուելէ ետք, ամբողջովին անճանաչելի մէկը կը դառնայ։ Կ՛անցնի Վասպուրական եւ կը գործէ Լեւոն անունով։
Երկրորդ հատոր. Լեւոն (Վարդան) Վասպուրականի մէջ կը կատարէ հրաշալի աշխատանք։ Ան կազմակերպական ոգին է շրջանի հայ յեղափոխական շարժման։ Կը հասնի Վասպուրականի եւ շրջակայքի մէջ տեղի ունեցած բոլոր կռիւներուն։ Թրքական կառավարութիւնը ի զուր կը հետապնդէ զինք։ Դէպքերու եւ իր ասպարէզին (բժշկութիւն) բերումով՝ Սոնիա ժամանակաւորապէս կը հաստատուի Վասպուրական. ան կը գործակցի Լեւոնի հետ առանց ճանչնալու անոր իսկական անձնաւորութիւնը։ Վէպը, որ լեցուն է յեղափոխական արարքներով, կը հասցնէ պատմութիւնը մինչեւ Թրքական Սահմանադրութեան հռչակումը (1908)։
Երրորդ հատոր. Թրքական Սահմանադրութեան օրերուն, վէպի հերոսներէն՝ Առիւծ Գեւօ, Թոփալ Սատանայի գործակցութեամբ (երկուքն ալ Լեւոնի գործակիցները), կը վերատիրանայ իր պապենական կալուածներուն։ Լեւոն անցած է Եւրոպա՝ ուսումը շարունակելու։ Պատահմամբ կը հանդիպի Սոնիայի։ Առաջին Աշխարհամարտին տեղի կ՛ունենան հայկական ջարդերը։ Առիւծ Գեւոն եւ Թոփալ Սատանան կամաւոր կ՛արձանագրուին։ Քաոսային շրջան մը՝ Կովկասի եւ Թուրքիոյ մէջ։
Չորրորդ հատոր. Լեւոն կը թափառի Տերսիմի մէջ։ Կը գործէ քիւրտերու մէջ։ Յարաբերաբար խաղաղ շրջանին, կ՛անցնի Հայաստան։ Կը միանայ իր ընկերներուն, որոնք կը գտնուին Սարդարապատ։ Կը մասնակցի Սարդարապատի ճակատամարտին։