Description
Հեղինակ՝ Սուրէն Չէքիճեան
Հրատարակութիւն՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան
Մեկենասութեամբ՝ Թորոնթոյի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Սարգիս Կարապենց»-ի անուան հրատարակչական ֆոնտի
«Անաւարտ դիմանկար»-ը Սուրէն Չէքիճեանի երեք անտիպ վէպերէն մէկն է։ Վէպին մէջ ներկայացուած են Լիբանանէն գաղթը դէպի Քանատա, հայութեան համակերպումը քանատական միջավայրին զգացական եւ հոգեկան մարզերուն, ինչպէս նաեւ հայկական եւ քանատական արժէքներու, բարքերու եւ մտածելակերպի միջեւ բախումը։