Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» վերահրատարակուած գիրքի շնորհահանդէս
Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդին կողմէ նոր սերունդին փոխանցուելիք պատգամներուն ու աւանդներուն հիմնական աղբիւրը կը հանդիսանան այն հրատարակութիւնները, որոնք կը պարունակեն այդ սերունդի ապրուած կեանքի փաստացի տուեալներ, ոչինչէն ամէն բան ստեղծելու պայքար ու անկոտրում կամքի դրսեւորում: Երէկ` չորեքշաբթի, 15 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին երկրորդ յարկին վրայ տեղի ունեցաւ նման գիրքի մը` Հայկազուն…