Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2018-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հրատարակչական գործի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի օգտագործած առաջին մամուլի տեղադրման եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 2017 եւ 2018 տարեշրջաններու հունձքի ներկայացման նուիրուած ձեռնարկը` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակին առիթով:
Խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ շատ բան պիտի պակսէր արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրական անդաստանէն, եթէ երբեք Համազգայինը եւ անոր հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեանը չունենային հրատարակչական առաքելութեան հաստատման տեսիլքը: Մանկական, պատանեկան, գրական, գեղարուեստական, պատմական, ուսումնասիրական, Հայ դատի եւ հայկական արուեստի առնչուած բազմահազար գիրքեր, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր դասագիրքեր 87 տարիներու ընթացքին հարստացուցին հայ գրականութեան անդաստանը: Անոնք իրենց անջնջելի դրոշմը դրին մեր կեանքին վրայ, եւ անոնց բարիքներէն մինչեւ այսօր կ՛օգտուին իրերայաջորդ սերունդներ:
Յակոբ Հաւաթեան նշեց, որ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր միշտ ալ դժուար եղած է հրատարակչական գործի ընթացքը, եւ Աղբալեան ինք որոշ ժամանակ մը պարտաւորուած եղած է իր անձնական միջոցներով շարունակելու եւ պահելու կառոյցը, որպէսզի երաշխաւորէ անոր գոյութիւնը: Ան յաջողած է իր այս ոգին ու շեշտադրումը քանդակել Համազգայինի ընդհանուր առաքելութեան մէջ: Իր կամքին ու վճռակամութեան շնորհիւ ահաւասիկ երթը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:
Այս առիթով, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը կարդալ աստեղ: