Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, ուրբաթ, 8 Յունիս 2018-ին երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծրագիրի 2017-2018 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:
Մրցանակաբաշխութեան մասնակցեցան հետեւեալ վարժարանները` Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Ազգային միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Թէքէեան վարժարան:Խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ապա տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններ մրցանքին մասնակից աշակերտներուն բաժնեցին հաստատագիրներն ու յուշանուէրները: Առաջին մրցանակին արժանացաւ Ազգային միացեալ վարժարանէն Սիրական Հապիպի «Օր մը` արքայից արքային հետ» գիրքը, երկրորդ մրցանակին արժանացաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն Ռիթա Մարտիրոսեանի «Հրաշք երկիր» գիրքը, երրորդ մրցանակին արժանացաւ Թէքէեան վարժարանէն Յակոբ Պէքարեանի «Տասը հաշուէ… եւ ժպտէ՛» գիրքը, իսկ պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ Ազգային միացեալ վարժարանէն Փաթիլ Եագուպեանի «Կակաչը եւ թիթեռնիկը» գիրքը:
Գիրքերու նկարազարդումը ստանձնեցին Լիբանանահայ արուեստագէտներ՝ Ժիրայր Փանոսեան, Գօգօ Աբաճեան, Յովիկ Գլընճիպաշեան եւ Նաթալի Խաչատուրեան։ Գեղարուեստական ձեւաւորում՝ Մեղրի Շամմասեան։Ձեռնարկի աւարտին մրցանակակիր աշակերտները իրենց գիրքերը մակագրեցին ներկաներուն:Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք, մրցանքին մասնակցող բոլոր աշխակերտներուն եւ կը յուսանք որ մեր երթը կը շարունակուի եւ ընթերցանութեան հանդէպ սէրը կը յառաջանայ երեխաներուն մէջ։